
Fr. Gabriel Vardanyan
Fr. Gabriel Vardanyan was born on May 18, 1981, in the village of Voskehat, in the Ejmiatsin district of Armenia’s Armavir province.
He completed his secondary education at the Voskehat School in 1998, and went on to study at the Shirak Spiritual Seminary (1998–2000). He continued his theological education at the Gevorkian Theological Seminary from 2000 to 2006, graduating with honors and receiving a Master’s degree in Theology.
On February 23, 2006 he was ordained as a deacon by Archbishop Nerses Pozapalian. That same year, he defended his thesis titled “Archaisms in Artistic Language (Classical Armenian Elements)”, earning a commendable evaluation.
In June 2006, by the directive of His Holiness Karekin II, Catholicos of All Armenians, he was appointed Administrative Secretary at the Karekin I Theological Center, where he also prepared for publication Vahan Vardapet Bastamyants’ “Canonical Writings.”
From 2007 to 2012, he pursued further theological studies at the National and Kapodistrian University of Athens, specializing in the field of Church doctrine. He successfully defended his master’s thesis on “The Infallibility of the Church.”
Upon his return to Armenia in 2012, he served at the Vazgenian Theological Seminary as a supervisor and lecturer, teaching courses such as Biblical Studies and Christian Doctrine.
Later that year, he was appointed Supervisor at the Gevorkian Theological Seminary, where he also taught Biblical Studies, Introduction to the Old and New Testaments, and Dogmatic Theology at both seminaries.
On April 21, 2013, he was ordained a married priest by Bishop Gevork Saroyan and continued his pastoral and academic duties at the Gevorkian Seminary.
In June 2018, Fr. Gabriel was appointed Deputy Dean of the Gevorkian Theological Seminary while maintaining his teaching responsibilities.
Throughout his academic career, he has translated and published several theological works from Greek, including:
-
“Ecclesiastical Rhetoric” by Georgios Phileas
-
“The Old Testament: Content and Theology” by Ieremias Foundas
-
“Introduction to the Old Testament” by Stavros Kalantzakis
He also prepared for publication:
-
“The Ten Commandments or Spiritual Guidebook” by Fr. Arsen Bagratuni
-
“A Glorious Page of History,” dedicated to the 20th anniversary of the enthronement of His Holiness Karekin II
Fr. Gabriel has served as editor of numerous theological publications and has supervised over ten thesis projects. In parallel with his seminary roles, he conducted regular Sunday services at the Holy Shoghakat and Holy Hripsime Monasteries in Ejmiatsin.
He has also served as a member of the Board of Trustees of the Bible Society of Armenia.
On January 11, 2025, by the decree of His Holiness Karekin II, Fr. Gabriel Vardanyan was appointed as a Parish priest to the Diocese of Canada.
He is married and the father of three children.
ՏԷՐ ԳԱԲՐԻԷԼ ՔԱՀԱՆԱՅ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Տէր Գաբրիէլ քահանայ Վարդանեան (աւազանի անունով՝ Արման) ծնած է 1981 թուականի Մայիս 18-ին, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Էջմիածնի շրջանի Ոսկեհատ գիւղը։
1998 թուականին աւարտած է Ոսկեհատի միջնակարգ դպրոցը, ապա 1998–2000 թուականներուն ուսանած է Շիրակի Հոգեւոր Ընծայարանին մէջ։ 2000–2006 թուականներուն շարունակած է իր աստուածաբանական կրթութիւնը Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ, զոր աւարտած է գերազանցութեամբ՝ ստանալով Աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճան։
2006 թուականի Փետրուար 23-ին, ձեռամբ Գերաշնորհ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Պոզապալեանի, ձեռնադրուած է սարկաւագ։ Նոյն տարին պաշտպանած է «Հնաբանութիւնները Գեղարուեստական Խօսքին մէջ (գրաբարեան տարրեր)» նիւթով աւարտաճառը՝ արժանանալով բարձր գնահատականի։
2006 թուականի Յունիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, նշանակուած է Գարեգին Ա Աստուածաբանական-Հայագիտական Կրթական Կեդրոնի վարչական քարտուղար։ Այդ ընթացքին նաեւ հրատարակութեան պատրաստած է Վահան վարդապետ Բաստամեանցի «Կանոնագիտական երկերը» աշխատութիւնը։
2007–2012 թուականներուն աստուածաբանական ուսումնառութիւնը շարունակած է Աթէնքի Պետական Համալսարանին մէջ՝ մասնագիտանալով Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ոլորտին մէջ։ Յաջողութեամբ պաշտպանած է իր թեզը՝ «Եկեղեցւոյ Անսխալականութեան Վարդապետութիւնը» նիւթով։
2012 թուականին Հայաստան վերադառնալէ ետք ծառայած է Վազգէնեան Հոգեւոր Դպրանոցին մէջ՝ որպէս վերակացու եւ դասախօս՝ դասաւանդելով Աստուածաշնչագիտութիւն, Քրիստոնէական Վարդապետութիւն եւ այլ առարկաներ։
Նոյն տարուան ընթացքին նշանակուած է Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի վերակացու։ Միաժամանակ երկու հոգեւոր ճեմարաններուն մէջ դասաւանդած է Աստուածաշնչագիտութիւն, Հին եւ Նոր Կտակարաններու Ներածութիւն եւ Վարդապետական Աստուածաբանութիւն առարկաները։
2013 թուականի Ապրիլ 21-ին, ձեռամբ Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեանի, ձեռնադրուած է ամուսնացեալ քահանայ եւ շարունակած է իր հովուական ու ակադեմական ծառայութիւնը Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ։
2018 թուականի Յունիսին Տէր Գաբրիէլ քահանայ Վարդանեան նշանակուած է Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի փոխտեսուչ՝ միաժամանակ շարունակելով իր դասախօսական պարտականութիւնները։
Իր ակադեմական գործունէութեան ընթացքին ան յունարէնէ հայերէն թարգմանած եւ հրատարակած է շարք մը աստուածաբանական աշխատութիւններ, որոնց շարքին՝
-
Ա) Գէորգիոս Ֆիլեասի «Եկեղեցական Հռետորութիւն» աշխատութիւնը,
-
Բ) Երեմիաս Ֆունդասի «Հին Կտակարան. բովանդակութիւնը եւ աստուածաբանութիւնը» աշխատութիւնը,
-
Գ) Ստավրոս Կալանցակիսի «Ներածութիւն Հին Կտակարանի» աշխատութիւնը։
Ան նաեւ հրատարակութեան պատրաստած է՝
-
Դ) Տէր Արսէն Բագրատունիի «Տասը Պատուիրանները կամ Հոգեւոր Ուղեցոյց» աշխատութիւնը,
-
Ե) Գրած է «Պատմութեան փառահեղ մի էջ» աշխատութիւնը՝ նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին։
Տէր Գաբրիէլ քահանայ Վարդանեան եղած է բազմաթիւ աստուածաբանական աշխատութիւններու խմբագիր եւ ղեկավարած է տասնեակէ աւելի աւարտաճառեր։ Ճեմարաններուն մէջ իր ծառայութեան զուգահեռ՝ ան կանոնաւոր կերպով կիրակնօրեայ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած է Էջմիածնի Սուրբ Շողակաթ եւ Սուրբ Հռիփսիմէ վանքերուն մէջ։
Ան եղած է Հայաստանի Աստուածաշնչային Ընկերութեան հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական Բաժնի խորհուրդի անդամ։
2025 թուականի Յունուար 11-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տէր Գաբրիէլ քահանայ Վարդանեան նշանակուած է Գանատահայոց Թեմ, իսկ Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի տնօրինութեամբ ծառայութեան կոչուած է որպէս Մոնթրէալի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ։
Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ։

